2014-09-18 15:04:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 18 սեպտեմբերի քարոզը` ''Հաւատքդ քեզ փրկեց''։


''Քաջութիւնը գիտակցելու թէ մեղաւորներ ենք, մեր առջեւ Յիսուսի քնքշութեան ուղին կը բանայ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 18 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի Փարիսեցիի մը տան այցելութեան մասին ուր մեղաւոր կին մը իր արցունքով կը լուայ Յիսուսի ոտքերը։Փարիսեցին տեսնելով այդ եղելութիւնը կը դատապարէ ըլլայ մեղաւոր կինը ըլլայ Յիսուսը ու մը մտածէ թէ՝ եթէ Յիսուս մարգարէ ըլլար գուշակած կ՛ըլլար թէ ով էր այդ մեղաւոր կինը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ՝՝Փարիսեցին չկրցաւ հասկնալ կեանքի տարրական իրողութիւնները, գուցէ ան մոռցած է թէ ինչպէս կը շոյեն նորածին մանուկ մը կամ ինչպէս կը մխիթարեն ծերունի մը։
Յիսուս, ընդգծեց Սրբազան Հայրը ՝՝ներեց միայն մեղաւոր կինը անոր ըսելով
Քու հաւտաքդ քեզ փրկեց. որովհետեւ միայն մեղաւոր կինը ողբաց եւ Ճանչցաւ իր մեղքերը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց թէ Յիսուսին ծանօթանլու համար միակ առանցնաշնորհեալ վայրն է մեղքը, ասոր համար է մեր մեղքերը ճանչնալ կը նշանակէ դռները բանալ Յիսուսի քնքշութեան եւ ներողամտութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզը աւարտեց ըսելով ''անոնք որոնք իրենց զիրենք մեղաւորներ կը զգան թող իրենց սրտերը բանան մեղքերու խոսովանանքին առջեւ, ու հանդիպին Յիսուսին որ իր արիւնը տուաւ բոլորին փրկութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.